2014-11-30 09:39:55

Իսթանպուլ` Սալեզեաններու գործունէութիւնը ի սպաս գաղթականներուն։


(Ռ.Վ. 30 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կիրակի 30 նոյեմբերի յետմիջօրէն նախ քան Հռոմ վերադարձը, առաքելական դեսպանատան այգիին մէջ, կը հանդիպի սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն
Այս հանդիպումի մասին արտայայտուելով սպանացի Սալեզեան հայր Andres Calleja` գաղթականներուն պատասխանատուն, պատասխանելով ռատիովատիկանի հարցումներուն ըսաւ. ''Մենք որպէս Եկեղեցի կ’ուզենք պատասխան տալ անոնց պահանջներուն։ Ճամբէն ազատելու անչափահասները խորհեցանք զանոնք հաւաքել ու դաստիարակել, նախ անգլերէն դասեր ջամբելով, քանի անոնց մեծամասնութիւնը կը փափաքի անգլիախօս երկիրներ ապաստանիլ։ Մոռնալու չենք որ այս երիտասարդները կու գան պատերազմէն, տառապանքէն։ Հետեւաբար կաշխատինք անոնց ստեղծել ուրախ ու վստահելի միջավայր մը։ Անոնք կը պատկանին տարբեր կրօններու։ Ամէնքը կը վկայեն որ մեր կեդրոնը փոքրիկ դրախտ մըն է։ Մենք կ’աշխատինք ընդառաջել անոնց դժուարութիւններուն ու հարթել անոնց առօրեայ հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.